Օտարերկրեայ ներդրումներու ապահովումն ու պաշտպանութիւնը «Թավշյա Հեղափոխության» ամէնաառանցքային խոստումներէն էին դեռ առաջին օրերէն։ Անոնց խոչընդոտումը կը ներկայացուէր որպէս հիմնական խնդիր եւ այդ հարցի լուծումը՝ որպէս Հայաստանի բնակիչներու կեանքի որակի բարելաւման գլխաւոր գրաւականներէն մէկը։ Չէր խօսուեր ու չի խօսուիր, դժբախտաբար, անկախացումէն ի վեր նոյն այդ օտարերկրեայ ներդրումներու բացասական ազդեցութիւններուն մասին, որոնք իրենց կարեւոր դերն ու բաժինը ունեցած են Հայաստանի յետ-անկախական սոցիալ-տնտեսական քայքայման մէջ (տես՝ http://www.cadtm.org/Armenia-s-unfinished-revolution )։ Չէր խօսուէր ու չի խօսուիր, յատկապէս, անոնց ներկայ ու գալիք հնարաւոր ոտնձգութիւնները դիմակայելու անհրաժեշտութեան մասին։
Մի քանի շաբաթ առաջ՝ Պարտադիր Կենսաթոշակային Համակարգը, իսկ այս օրերուս՝ Լիդիանի կողմէ Ամուլսարի շահագործման յամառ փորձերը, առիթ կու տան ներդրումներու միւս՝ բացասական հնարաւոր ազդեցութիւններուն շուրջ խորհրդածելու։
Առաջինի պարագային, խօսքը սոցիալական ապահովութեան կարեւորագոյն ոլորտներէն մէկուն մասնաւորեցման (privatization) գործընթացի վերջին փուլի կիրառման մասին է, որն ընթացք առաւ կառավարութենէն հաւանութիւն ստանալէ ետք։ Հանրային գումարները օտարերկրեայ մասնաւոր ընկերութիւններու (որպէս շահոյթի աղբիւր) տրամադրող այս համակարգի ու անոր վտանգներուն մասին շատ գրուած ու խօսուած է, ու դեռ կարելի է առանձին անդրադառնալ ու քննադատել։ Այստեղ, սակայն, հետաքրքրողը անոր ընդունման ձեւն ու պատճառներն են։ Ոչ միայն հանրութեան լայն շերտեր այսօր եւ նախորդ տարիներուն դէմ էին կենսաթոշակային հարկերու դէպի օտարերկրեայ մասնաւոր ֆոնդեր պարտադիր փոխանցում ենթադրող նոր համակարգին, այլեւ նաեւ բացայայտ կերպով դէմ էին կառավարութեան մէջ այս հարցի հետ ամէնամօտէն առնչուող երկու նախարարութիւններու ներկայացուցիչներն (Սոցիալական Ապահովութեան եւ Տնտեսական Զարգացման) ու նոյնիսկ սկզբունքով ինքը Վարչապետը՝ թէկուզ ընդդիմադիր եղած օրերուն։ Ի՞նչն էր, ուրեմն, որ ստիպեց ոչ միայն չմերժել, այլ նոյնիսկ չյետաձգել համակարգի ամբողջական կիրառութեան մէջ մտնելը։ «Մենք միջազգային մեծ հեղինակություն ունեցող ընկերությունների գործունեությունը Հայաստանում կասեցնում ենք, հետո գնում ենք այդ նույն շրջանակի ընկերություններին ասում ենք, թե Հայաստանում փոխվել է տնտեսական իրավիճակը, եկեք ներդրումներ արեք», բացատրեց վարչապետը, փաստարկելով թէ նոր համակարգի մերժումը պիտի վնասեր Հայաստանի իբրեւ ձեռնտու ներդրումային դաշտ ընկալման։ Ապագայի հնարաւոր ներդրումները, այսպէս, ուղղակի թէ անուղղակիօրէն ազդեցին ՀՀ կառավարութեան վրայ։ Ընդ որում ազդեցին դեռ չեկած, դեռ չգոյացած նոյնիսկ. Կարելի՞ է չմտահոգուիլ, մտածելով, թէ ինչքա՞ն եւ մինչեւ ու՞ր պիտի ազդեն ժամանելէ, հաստատուելէ ու շուկան գրաւելէ ետք։
Երկրորդ հարցը՝ Ամուլսարի հանքի շահագործման հետ կապուած, ինչքան աւելի դժուար դիմադրելի՝ կառավարութեան համար, նոյնքան ալ աւելի վտանգաւոր է Հայաստանի բնակչութեան ու բնութեան համար։ Բազմաթիւ, ակնյայտ, անժխտելի ու փորձագիտական մակարդակով բազմիցս հաստատուած են հանքի շահագործման վտանգները։ Շահագործող կողմը՝ Բրիտանա-Ամերիկեան «Լիդիան» մասնաւոր օֆշորային ընկերութիւնն է։ Լիդիանը ներդրող է ահա։ Եւ ահա կառավարութիւնը կը գտնուի ներդրումային իր երկրորդ մեծ փորձութեան առջեւ։ Ականատես ենք արդէն բացայայտ գաղութատիրականութիւն մատնող Լիդիանի արտաքին պետական հովանաւորչութիւններու կողմէ կառավարութեան վրայ ճնշումներու. ԱՄՆ դեսպանը, օրինակ, ՀՀ փոխվարչապետի հետ իր այցի ժամանակ անթաքոյց կերպով կարեւորած էր «Լիդիան»ի աշխատանքներու շարունակականութեան ապահովումը. ու կարելի է ենթադրել որ սա միայն երեւցող մասն է ճնշումներու։ Միւս կողմէ, Ամուլսարի շրջակայ բնակչութիւնն ու բնապահպանները դիմած են իրաւացի պայքարի, Ամուլսարի հանքի շրջափակմամբ՝ ի պատասխան Լիդիանի կողմէ գիշեր-ցերեկ շարունակուող եւ նոր թափ ստացած հանքի կառուցման աշխատանքներուն. ցուցարարները կառավարութենէն կը խնդրեն հաւաստիացնել, որ Լիդիանը գոնէ ժամանակաւորապէս պիտի դադարեցնէ աշխատանքները մինչեւ կառավարութեան վերջնական որոշում։ Հանքի կառուցման նախնական աշխատանքները արդէն իսկ սկսած են շրջակայ բնութեան վրայ թողել բացասական ազդեցութիւններ, ջրելով «Լիդիան»ի խոստումները…
«Մենք՝ Կառավարությունը ոչ մի կոռուպցիոն կապով, ոչ մի կաշկանդող կապ չունի ո՛չ Ամուլսարի, ո՛չ էլ որևէ հանքի հետ», արձագանքած էր վարչապետը Լիդիանի դէմ բողոքի ցոյցերուն, զարմանք յայտնելով թէ ինչու՞ քաղաքացիները իրենց վրայ կը վերցնեն «Լիդիան»ին դիմադրելու բեռը, փոխանակ կուրօրէն վստահելու կառավարութեան։ Խնդիրը այն է, սակայն, որ կառավարութիւնը ո՛չ թէ կոռուպցիոն, բայց այնուամէնայնիւ ունի ինչ որ «կաշկանդող կապ»։ Այդ կաշկանդող կապը արտաքին ներդրումներու տրուած առաջնահերթ կարեւորութիւնն է, ինչը փաստացի արձանագրուեցաւ Կենսաթոշակային Համակարգի հետ կապուած փորձութեան ժամանակ։
Ամուլսարի շահագործման դէմ խաղաղ քաղաքացիական ցոյցերը լիովին կը տեղադրուին «Թաւշեայ Յեղափոխութեան» ոճին ու տրամաբանութեան մէջ. Քաղաքացիներ իրենց անմիջական ներդրումով իրենց ուսերուն կը վերցնեն իրենց իրաւունքներու, ապահովութեան, ապագայի պաշտպանութիւնը՝ «մենք ենք տէրը մեր երկրի»ի տրամաբանութեամբ։ Սա ինչու՞ ընկալուի որպէս կառավարութեան դէմ ուղղուած քայլ։ Եթէ կառավարութիւնը դէմ է Ամուլսարի շահագործման, ապա ցուցարարներուն մէջ պէտք է տեսնէ միայն գործակիցներ՝ ընդդէմ արտերկրեայ ներդրողներու ճնշումներուն։
Կարելի է հասկնալ, որ միջազգային շուկայի հետ յարաբերութիւններու ծիրին մէջ չափազանց բարդ ու դժուար իրավիճակի մէջ է կառավարութիւնը։ Պարզ է որ ծանր բեռ ժառանգուած է նախորդ կառավարութիւններէն եւ արդար չէ ակնկալել Հայաստանի շուտափոյթ ու ամբողջական տնտեսական ազատագրում։ Բայց նոյնքան ալ անկարելի է չմտահոգուիլ՝ տեսնելով օտարերկրեայ ներդրումներու հանդէպ երկիւղած զգուշաւորութիւնը, զանոնք առաջնահերթ դասելը, ինչպէս օրինակ Պարտադիր Կուտակայինի պարագային, ու յատկապէս անոնց դիմադրող քաղաքացիները զսպելու փորձերը։
Յուսալով թէ շուտով ի թերեւ կ՚ելլեն յառաջացած մտահոգութիւնները, կարելի է կառավարութենէն ակնկալել, անկախ Ամուլսարի շահագործումը բացառելէն, ընդհանրապէս հաւասարակշռել օտարերկրեայ ներդրումներու հանդէպ մօտեցումը, ինչպէս նաեւ՝ յարգել ներդրումներու յառաջացուցած վտանգներու դէմ ժողովրդային ինքնափուխ պայքարներու երեւոյթը, նոյնիսկ փորձել յաւելեալ զարկ տալ հանրային վերահսկողութեան դերակատարութեան, հզօրացնելու համար արտաքին ճնշումներու դիմակայելիք ներքին ժողովրդային գործոնը։
Հոդվածն առաջին անգամ հրապարակվել է Սեւ Բիբար քննախոսական հարթակում:
Ծնած է Բեյրութում 1991ին։ 2013ին աւարտել է Լիբանանեան Ամերիկեան Համալսարանի Հաղորդակցական Արուեստներու բաժինը։ 2015ին Ստացած է սոցիալական մարդաբանութեան Մագիստրոսի վկայական Օքսֆորդի համալսարանէն։ Այժմ նոյն հաստատութեան ու նոյն մասնագիտութեան մէջ կը գրէ իր դոկտորական թեզը։
Դիտվել է 112 անգամ